2015-11-18 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. ''Ընտանիքը` հիւրընկալութեան դուռ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ես եմ դուռը, եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս, պիտի փրկուի. Պիտի մտնէ, պիտի ելլէ եւ սնունդ պիտի գտնէ։ Ես եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան։''

Այս է հատուածը որուն վրայ կեդրոնանալով Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ 18 նոյեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս, այս խորհրդածութեամբ հասանք Յոբելեանի նախօրեակին։ Մեր դիմաց կայ Աստուծոյ Ողորմութեան մեծ դուռը, որ կ՛ընկալէ մեր ապաշխարութիւնը մեզի շնորհելով իր ներումի շնորհքը. Այդ դուռը առատաձեռն կերպով բաց է սակայն մեզի կ՛իյնայ համարձակօրէն անցնիլ այդ սեմէն։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց անցեալ հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին եպիսկոպոսներու` ընտանիքի նիւթին մասին գումարած սիւնհոդոսին որ քաջալերանք ներշնչեց բոլոր ընտանիքներուն հանդիպելու այդ դռան սեմին։

Եկեղեցին քաջալերուած է բանալու իր դռները, դուրս ելլելու Տիրոջ հետ դէպի իր զաւակները, որոնք յաճախ անապահով են եւ ուրիշ անգամ կորսուած` այս դժուար ժամանակներու ընթացքին։ Քրիստոնեայ ընտանիքները յատկապէս քաջալերուած են բանալու դուռը Տիրոջ առջեւ որ սպասումի մէջ է ներս մտնելու ու իր հետ բերելու օրհնութիւնն ու բարեկամութիւնը։

Տէրը երբեք չի զօրեր դուռը, ինք եւս հրաման կը խնդրէ ներս մտնելու ինչպէս նշուած է Յայտնութեան գիրքին մէջ ''Ահաւասիկ  դռան առջեւն եմ ու կը բախեմ։ Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու բանայ դուռը, պիտի մտնեմ տունը` անոր հետ ընթրելու. Ես անոր հետ ու ան` ինծի հետ''։ Թէեւ շատ դռներ կան որ փակ կը մնան, յարեց Քահանայապետը, քննադատելով անհիւրընկալ եկեղեցւոյ մը կեցուածքը որ կը ստորադասէ Աւետարանը եւ կը կարծրացնէ աշխարհը ու հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ դռները ըլլալու են միշտ բաց եւ հիւրընկալ։

Դուռը` ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը պէտք է պահպանէ բայց պէտք չէ ետ մղէ։ Դուռի մը մատակարարումը կը պահանջէ խորաթափանցում որ միեւնոյն ժամանակ պէտք է մեծ վստահութիւն ներշնչէ, ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք դռնապանութեամբ կը զբաղին։

Յոբելեանը կը նշանակէ Աստուծոյ ողորմութեան մեծ Դուռը ու նաեւ մեր եկեղեցիներու փոքրիկ դռները թոյլ տալու որ Տէրը մուտք գործէ կամ դուրս ելլէ մեր կառուցուածքներու բանտարկութենէն ու մեր եսասիրութենէն։

Դուռը շատ բաներ կը պատմէ Եկեղեցւոյ ու տունի մասին։ Յիսուս ճշմարիտ դուռն է` ''Ես եմ դուռը, եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս, պիտի փրկուի. Պիտի մտնէ, պիտի ելլէ եւ սնունդ պիտի գտնէ։ Ես եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան։'' Մենք պէտք ենք անվախ մտնել այդ դուռէն ունկնդրելու համար Յիսուսի ձայնը։ Ու Եկեղեցին պէտք է ճանչցուի որպէս հիւրընկալութեան նշան մը Աստուծոյ մը որ իր դուռը երբեք չի փակեր, այն պատճառաբանութեամբ թէ դուն մաս չես կազմեր այդ տան։ Եկեղեցին արդարեւ Տիրոջ տան դռնապանն է եւ ոչ թէ տանտէրը­, հաստատեց Քահանայապետը հրաւիրելով քրիստոնեայ ընտանիքները իրենց տան սեմը վերածելու Աստուծոյ Ողորմութեան եւ հիւրընկալութեան Դուռ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ Սիրելի երիտասարդներ եւ ուսանողներ, առաքեալներու վկայութիւնը, որոնք ամէն ինչ թողուցին հետեւելու Յիսուսին, ձեր մէջ արթնցնէ իղձը զայն սիրելու ձեր բոլոր ուժերով. Սիրելի հիւանդներ, Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի փառաւոր տառապանքը ձեզի պարգեւէ մխիթարութիւն։  Սիրելի նորապսակեալներ ձեր տուները դառնան տաճարներն այս Սիրոյ որմէ եւ ոչ մէկը կարող է մեզ բաժնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.